ԿԱՊՔ և ԿԱԽԱՐԴՈՒԹԻՒՆՔ

Մի՛ գանձէք ձեզ գանձս յերկրի.
ուր ցե՛ց եւ ուտիճ ապականեն,
եւ ուր գողք ակա՛ն հատանեն եւ գողանան

(Մատթ․ Զ.19)

Տասը տարի առաջ, հօրս հօրաքոյրը՝ Անահիտը, գիրք մը տուաւ ինծի։ Գիրքը հին էր, մաշած ու առանց կողքի․ վերնագիրը յստակ էր, սակայն տարօրինակ՝ «Ֆենտիճակ, Ֆենտիճոխ»։ Անահիտ մեծ-հօրաքոյրս պատմեց, թէ այդ գիրքը ղրկուած էր իր հօրեղբօր կողմէ, որ Մոնթէվիտէօ կը բնակէր, իր հօրը՝ նախապապիս։ Ան ըսաւ․ «Կ՚ուզեմ քեզի տալ այս գիրքը»։ 

Գիրքը հարուստ բովանդակութեամբ յուշամատեան մըն էր, նուիրուած՝ Մարաշի Ֆընտըճաք գիւղին ․ այնտեղ ներկայացուած էին գիւղին պատմութիւնը, բուսական ու կենդանական աշխարհը, տեղական աւանդութիւնները, բարբառի քերականութիւնը, ինչպէս նաեւ 1915-ի դիմադրութեան տարեգրութիւնը՝ Ցեղասպանութեան օրերուն։ Դիմադրութիւնը տեւած էր շաբաթներ։ Գիրքը նոյնիսկ կը ներառէր ձեռագիծ քանի մը քարտէսներ, որոնք ցոյց կու տային գիւղին դիրքը՝ շրջակայ գիւղերուն յարաբերաբար։

Որոշեցի գտնել Ֆընտըճաքը Թուրքիոյ մէջ։ Հետս չտարի գիրքը, սակայն անոր տեղեկութիւնները ուղղութիւն տուին ինծի։ Դիմեցի հետազօտողներու, պատմաբաններու եւ զանազան աղբիւրներու ու ի վերջոյ կրցայ ճշդել անոր մօտաւոր աշխարհագրական դիրքը։ Ճամբորդելէս առաջ, ընտանիքիս խմբային զրուցատուփին մէջ գրեցի՝ տեղեակ պահելու համար հարազատներս այս մասին։ Մօրաքոյրներէս մէկը արձագանգեց հեգնանքով. «Հետդ բեր մեծ-տէտէին ոսկիները»։ Ուրիշներ խորհուրդ տուին զգոյշ ըլլալ եւ չյայտնել տեղացիներուն, որ հայ եմ։ Միշտ լսած էի պատմութիւններ հայերու մասին, որոնք կ՚այցելէին իրենց պապենական բնակավայրերը եւ տեղացիներուն կողմէ կը կասկածուէին, որ եկած ըլլան ոսկի փնտռելու ու տանելու իրենց հետ։

Փնտռտուքներս տարին զիս զուգահեռ աշխարհ մը, ուր «հայկական» քարտէսները կը գործածուին գանձեր յայտնաբերելու համար։ Հայերու համար քարտէսները յիշողութեան գործիքներ են, որոնք կ՚օգտագործուին վերայցելելու համար պապենական հողերը, վաւերագրելու ընտանեկան պատմութիւնները եւ պահպանելու յիշողութիւնը։ Իսկ կարգ մը թուրքերու համար անոնք պարզապէս միջոց են «հայկական ոսկի» գտնելու։

Այս սովորութիւնը յառաջացած է այն համոզումէն, որ հայեր պահած են իրենց հարստութիւնը իրենց տուներուն կամ պարտէզներուն մէջ, նախքան որ սկսին հալածանքները, սպաննութիւնները եւ բռնի տեղահանումը իրենց հողերէն՝ Ա․ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն։ Ուստի, Թուրքիոյ մէջ գանձախուզութիւնը չի կրնար անջատուիլ հայերու ունեզրկման աւելի լայն պատմութենէն։ Անիկա վերածուած է մոլուցքի մը, ուր բազմատեսակ տարաձայնութիւններ, գաղտնի քարտէսներ, հին հմայիլներ, անէծքներ ու դաւադրութիւններ կը միանան՝ ստեղծելով հայկական արժէքաւոր թողօնի առասպելը։ Այս առասպելը չի շտապեր խամրիլ յատկապէս Թուրքիոյ արեւելքը։ Սակայն անոր կը հաւատան ոչ միայն արհեստավարժ գանձախոյզներն ու աղքատ գիւղացիները, այլեւ պատմաբանի, լրագրողի եւ այլ մասնագիտութիւններու պատմուճանին տակ ելոյթ ունեցող անձեր։ Առասպելը թափանցած է նոյնիսկ քաղաքականութիւն՝ ցոյց տալով, որ հայերու հայրենազրկման հետքերը որքա՛ն խոր արմատացած են թրքական հոգեբանութեան մէջ։

Գանձագողերը կը գործածեն սարքեր, որոնք կը «դիտեն» հողի մակերեսէն վար, ճօճանակներ ու մետաղորսիչ մեքենաներ եւ կը դիմեն պայծառատեսներու, գուշակներու եւ միսթիք բուժակներու օգնութեան եւ ցուցմունքներուն։ Սակայն ամէնէն արժէքաւոր միջոցները կը մնան ձեռագիծ քարտէսները։ Նախապէս հայաբնակ շրջաններու ներկայ տէրերն ու մերձակայքի բնակիչները կը հաւատան, թէ նման քարտէսներ ուղղակիօրէն կու գան հայ ընտանիքներու արխիւներէն կամ հարազատ պատճէններ են, որոնք լեցուն են գաղտնի նշաններով․ արեւելք նայող ձուկ մը, քարի վրայ գծուած կրիայ մը, երեք գլուխով արարած մը կամ որեւէ խաչանկար կրնայ բանալին ըլլալ ցանկալի արկղի մը կամ պահարաններու, լեցուն՝ ոսկիով, արծաթով եւ գոհարներով։ 

Մարդաբան Ալիս ֆոն Պիպերշթայն կը նկատէ, որ այս քարտէսները պարզապէս գանձ գտնելու միջոցներ չեն, այլեւ ուղիներ՝ դէպի թաղուած պատմութիւն մը։ Անոր կարծիքով, հայկական ոսկի փնտռելը վերջակէտ չի դներ անցեալի բռնութեան. ընդհակառակը, զայն նորէն կը կապէ ներկային։ Անիկա լոյսին կը հանէ հողին պահած այն գաղտնիքները, որոնք կը սպառնան թրքական պաշտօնական պատմութեան եւ կը խարխլեն հանրապետութեան հիմնադիր ինքնութիւնը¹։

2022 թուականին, Քատիր Ճանփոլաթ՝ «Օսմանեան օճախներ» ազգայնական կուսակցութիան ղեկավարը, յայտարարեց, որ հայկական ոսկին կրնայ տասնապատկել Թուրքիոյ տնտեսութիւնը։ Թէեւ ասիկա անհեթեթ հաշուարկ մըն է², բայց նման խօսքերու նպատակը ճշմարտութիւնը բարձրաձայնելը չէ։ Այս մտայնութեամբ, անոնք հայերուն կորուստը կը վերածեն շահոյթի, իսկ Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացնեն պարզապէս իբրեւ չօգտագործուած հարստութիւն։ Բաւարա՛ր չօգտագործուած դրամաղբիւր։ Այս տրամաբանութեամբ, արիւնոտ պատմութիւնը այլեւս ծանր բեռ մը չէ, այլ՝ շահոյթի աղբիւր մը։ 

Հայոց ցեղասպանութենէն դար մը ետք, հայկական հարստութեան մնացորդացի հաւանական առկայութիւնը՝ տնային թաքստոցներու մէջ, պատերուն տակ կամ ետեւ, եկեղեցիներու բակերուն եւ յատկապէս գերեզմաննոցներուն մէջ, կը շարունակէ հետապնդել ժողովրդային երեւակայութիւնը Թուրքիոյ մէջ։ Այս մոլուցքը պարզապէս շարունակութիւնն է այն մեծ կողոպուտին, որով պետութիւնը խլեց իր հայ քաղաքացիներուն ողջ ունեցուածքը ցեղասպանութեան միջոցով³։ Այդպէսով, հայերը զրկուեցան ամէն ինչէ ու վերածուեցան ուրուականներու։ Իրականութեան մէջ, հողին տակ թաղուածը ո՛չ գանձ է, ո՛չ ալ պարզ յիշողութիւն։ Անիկա դաժանութիւնն է այն պետութեան, որ մինչեւ օրս կը մերժէ ընդունիլ իր անցեալի ոճիրներն ու պատասխանատուութիւնը՝ անոնց նկատմամբ։

«Հայկական ոսկի» փնտռելը ցնորք մըն է։ Քարտէսին վրայ ամէն մէկ նշան ցոյց կու տայ ո՛չ թէ հարստութիւն, այլ կը ներկայանայ որպէս հետք՝ անցեալի ոճիրի մը։ Սակայն հողը իր գաղտնիքները դիւրաւ չի բացայայտեր։ Նոյնիսկ երբ մարդիկ կը գտնեն գանձին տեղը՝ անոնք կը հանդիպին փորձանքի, կը մատնուին ձախողութեանց։ Երկիրը կը դիմադրէ. քարերը կը վերածուին օձերու, արիւն կը հոսի հողէն, սարքերը կը փճանան, իսկ ոսկին կը փոխուի զատկամիջատներու ։ Կ՚ըսուի, թէ գանձերը պաշտպանուած են հին կախարդանքներով եւ նզովքով ու իրենց իսկական տէրերուն վրէժխնդիր հոգիներով։ 

Մարդաբան Անուշ Թամար Սիւնի կը պատմէ, որ օր մը խումբ մը գանձախոյզներ կը գտնեն կաւէ աման մը։ Երբ կը բանան զայն, մէջէն մեղուներ կը թռչին, ու մարդիկ կը փախչին սարսափած։ Բայց նաեւ կ՚ըսուի, որ եթէ անոնք դիմանային խայթոցին, մեղուները ոսկիի պիտի վերածուէին⁴ (ինչպէս էին, երբ տագնապալի օր մը զգուշաւոր ձեռքերով անոնք թաղուեցան հողին մէջ՝ բախտաւոր օր մը տիրոջ կամ ժառանգներուն կողմէ վերագտնուելու յոյսով)։ Այսպէս, ուրուականները, տարաձայնութիւնները եւ արտասովոր պատահարները կը միջամտեն՝ պաշտպանելու համար այն, ինչ որ պատմութիւնը կը մերժէ մոռնալ։ Կը պատմուի գանձախոյզներու մասին, որոնք ինկած են անէծքի տակ, այսահարուած են կամ խելագարած՝ գանձը իւրացնելու փորձերէն ետք⁵։ Ուրեմն, գանձը միաժամանակ հրապոյր է եւ անէծք։ Անիկա ջուրի երես կը հանէ այն, ինչ որ պաշտօնական պատումը կը ջանայ թաղել։

Հայկական գանձերուն մոլեգին վերադարձը կը մատնանշէ ընկերութիւն մը, ուր անցեալի բռնութիւնը տեղափոխուած է փոխանակ լուծուելու։ Հողը առանց հատուցումի չի զիջիր իր հարստութիւնը։ Անիկա կը յիշէ։ Գանձախոյզներու պատմութիւնները կը մատնեն խոր տագնապ մը այն մասին, թէ ինչ թաղուած է ինչպէս հողին, այնպէս ալ՝ խղճմտանքին մէջ։ Ասոնք ջանքեր են բնաջնջումը վերածելու շահի, բացակայութիւնը՝ ժառանգութեան, յիշողութիւնը՝ դրամագլուխի։ Բայց նման փորձեր յաճախ կը հանդիպին սարսռազդու բանադրանքներու եւ անվերջ տարաձայնութիւններու, որոնք կը յանգին հիւանդագին մոլուցքի եւ անդիմադրելի մտասեւեռումներու։

Թարգմանութիւն՝ Վարդան Թաշճեան

English
Arabic


Ծանօթագրութիւններ

¹
Alice von Bieberstein, “Treasure/Fetish/Gift: Hunting for ‘Armenian Gold’ in Post-Genocide Turkish Kurdistan,” Subjectivity 10, no. 2 (2017)

²
2022 թուականին Թուրքիոյ ՀՆԱ-ն (Համախառն Ներքին Արդիւնք) շուրջ 900 միլիառ ԱՄՆ տոլար էր։ Տասնապատիկ աճը կ՚ենթադրէ 9 թրիլիոն ԱՄՆ տոլար։ Ոսկիի արդի գիներով՝ ատիկա հաւասար է 150,000 թօն ոսկիի, որ աւելի է, քան մարդկութեան պատմութեան ընթացքին երբեւէ արդիւնահանուած ամբողջ ոսկին։

³
Ալիս ֆոն Պիպերշթայն կը նկարագրէ. «Ինչպէս վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին յաջողած են պարզել շարք մը պատմաբաններ..., Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան սպանդը ձեռք-ձեռքի տուած ընթացաւ սեփականազրկման եւ իւրացման զանգուածային ծրագիրի մը հետ, որուն նպատակն էր դիւրացնել ու ամրապնդել ազգային տնտեսութեան ձեւաւորումը՝ ծնունդ առնող մահմետական պուրժուազիայի ձեռքերուն մէջ։ Հայերու բռնագրաւումը բացարձակապէս համապարփակ էր, ինչպէս արդէն իսկ յստակ դարձաւ այս յօդուածին մէջ՝ մասնաւոր սեփականութիւն հանդիսացող եկեղեցական շէնքերու օրինակով։ Ծրագիրը թիրախաւորեց ինչպէս շարժական, այնպէս ալ անշարժ գոյքերը. անիկա կը ներառէր հողեր եւ դրամատնային հաշիւներ, տուներ, անասուններ եւ զարդեր»։ Մէջբերումը՝ Alice von Bieberstein, “Holes of Plenty,” Etnofoor 33, no. 2 (2021), 74-90 :86.

⁴
Anoush Tamar Suni, “Historical Alchemy: Buried Gold, Buried Pasts,” Anthropological Quarterly 96, no. 2 (2023): 335-360

⁵
Zerrin Özlem Biner, “Acts of Defacement, Memory of Loss: Ghostly Encounters and Derelict Houses in the Kurdish Landscape,” PoLAR: Political and Legal Anthropology Review 42, no. 1 (2019):68-94

Supported by the Calouste Gulbenkian Foundation within the framework of the in view Western Armenian culture grant. With additional support from TAP (Temporary Art Platform)'s relief residency programme in collaboration with Art Explora Vila 21 Tirana. The project is supported by Marfa' Projects and its first iteration exhibited at the gallery in Beirut.

The series Treasure Maps for Haunting Landscapes is developed from maps collected by Vartan Avakian and redrawn by Vartan Avakian and Ghassan Halawani.

The artist would like to acknowledge the on-going collaboration with Vahe Tachjian and Houshamadyan. Special thanks to Joumana Asseily, Anoush Tamar Suni, Alice von Bieberstein, Hazal Ozdemir, Shogher Margossian, Tarek Mourad and Beirut Printmaking Studio, Agop Kanledjian, Raffy Doulian, Hussein Nassereddine, Hrair Sarkissian, Garine Boghossian, Alex Shimshirian, Ibrahim Suleiman, Hisham Hawana, Souren Kuyumjian, Ani Sarukhanyan, Murad Uçaner, Amanda Abi Khalil, Nita Deda and Vila 21 Team, Maurice Louca, Raed Yassin, Hatem Imam, Ahmad Khoja, Umit Kurt, Nada Moumtaz, Avak Avakian, Raffy Avakian, Ramzi Ouayda, Kourken Papazian, Raghda Allouche, Vartouhy Guitsinian, Rami El Sabbagh and Nour Ouayda.